2014-10-29 09:32:45

Ուխտագնացութեան նոր շրջապտոյտ մը Եգիպտոսի մէջ` ընթանալ Ս. Ընտանիքի հետքերուն վրայ։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը համագործակցութեամբ Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ, ուխտագնացութեան մեծ ծրագիր մը մշակած է '' ընթանալ Ս. Ընտանիքի հետքերուն վրայ'' նշանաբանով։ Ծրագիրը կը ներփակէ եօթը հանգրուաններ։ Ներշնչուած Մատթէոս Աւետարանի երկրորդ գլուխի պատմուածքէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի դէպի Եգիպտոս փախուստի դէպքին մասին եւ հիմնուելով անվաւեր Աւետարաններու գրութիւններուն վրայ ուր մանրամասն նկարագրութիւններ կան ս. Ընտանիքի փարաւոններու երկրին մէջ կեցութեան մասին։
Այդ աւանդութեան համաձայն Ս. Ընտանիքը նախ ապրեցաւ տէլդա Նեղոըը, յաջորդաբար անցաւ Գահիրէի շրջանը Մեմփիս, հուսկ անցաւ երկրին հարաւը։ Ճշմարիտ շրջապտոյտ մը։
Նոյնպէս ծրագիրը կ`առաջարկէ ճանչնալ վաղեմի եկեղեցիներն ու վանատուները եւ մասնաւորապէս ''Տէյր էլ Մոհառագ'' վանքը որ կը կոչուի երկրորդ Բեթղեհէմ։ Այդ ճգնարանները կը վերակոչեն արեւելեան վանականութիւնը, ուր կարելի է գտնել թանկարժէք ձեռագրեր, սրբանկարներ ու հազուագիւտ սուրբերու մասունքներ։ Շրջապտոյտին շնորհիւ կը վերարժեւորուի քրիստոնեայ Եգիպտոսի բազմադարեան ժառանգութիւնը։
Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդը իր խնդակցութիւնը յայտնած է եգիպտական կառավարութեան ու եկեղեցւոյ սերտ համագործակցութեան ի տես։ Այս նախաձեռնութիւնը կու գայ մինչ կաթողիկէ եկեղեցին կ`աշխատի ամրապնդել ընտանեկան հաստատութիւնը եպիսկոպոսեան արտակարգ սիւնհոդոսի գումարումով Վատիկանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.